Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Պարսից ծոցի երկիրները պատասխանատուութիւն կը կրեն՝ կանխելու Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրենց տարածքի օգտագործումը՝ Իրանի դէմ յարձակումներու համար։
Նախարարութիւնը նշած է, որ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու իրականացուցած հարուածները ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան կոպիտ խախտում են։
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, խստօրէն դատապարտելով Իրանի դէմ ամերիկեան ռազմական յարձակման յանցագործութիւնը, անգամ մը եւս կը յիշեցնէ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն, յատկապէս Պարսից ծոցի հարաւային ափերուն գտնուող պետութիւններուն, իրենց իրաւական եւ բարոյական պատասխանատուութեան մասին՝ կանխելու իրենց տարածքի եւ ենթակառոյցներու որեւէ օգտագործում Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ՝ Իրանի դէմ յարձակողական գործողութիւններ ծրագրելու, կազմակերպելու, իրականացնելու կամ անոնց աջակցելու նպատակով»,– նշուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Գերատեսչութիւնը շեշտած է, որ պիտի չտատամսի գործադրելու իր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը, ներառեալ՝ հարուածներ հասցնելով յարձակումներու աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ այն ռազմակայաններուն եւ լոճիսթիք ենթակառոյցներուն, որոնք կը ծառայեն Իրանի դէմ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու կամ անոնց աջակցելու համար։
Բացի այդ, նախարարութիւնը ընդգծած է նաեւ ՄԱԿ-ի, անոր Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Գլխաւոր քարտուղարին պատասխանատուութիւնը՝ միջազգային խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ զանոնք խախտողները պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցով։