Պէյրութի գլխաւոր պողոտաներուն վրայ վերջին ժամերուն բողոքի ցոյցեր նկատուած են։
Այս մասին տեղեկացանք լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկրի ելեւմտական գլխաւոր հաստատութեան՝ Կեդրոնական Դրամատան կողմէ վաղը հրապարակուելիք կարգ մը որոշումներ բողոքի նոր հաւանական ալիքի մը ձեւաւորման նպաստած են եւ հարիւրաւոր քաղաքացիներ փութացած են փողոց՝ բողոքելու համար երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուարին պայմաններուն եւ կառավարութեան սխալ քաղաքականութիւններուն դէմ։
Մարդկային տոյժերու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր, եւ երիտասարդ բողոքաւորներ անիւներ հրկիզելով կը փորձեն փակ պահել Պէյրութի կեդրոնական հատուածներու մուտքերը։