Անցնող նոյեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Վիգէն Իւլճէքեանի առողջական վիճակին մասին նոր տեղեկութիւններ յայտնուած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ասպարէզ» պարբերականէն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ, թէ նոյեմբեր 10-ին Շուշիի մերձակայքը ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ գերեվարուած լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճեքեան հիւանդանոց փոխադրուած է: Այս մասին տեղեկացուցած են Վիգէնի 18-ամեայ դուստրը՝ Քրիսթինէն եւ մայրը՝ Պիաթրիսը: Անոնք պատմած են, Վիգէնի հետ իրենց վերջին հեռաձայնային խօսակցութեան մասին, երբ զինք բանտէն փոխադրած են հիւանդանոց:
Աղբիւրը գրած է, թէ Քրիսթինէն վերջին վեց ամիսներու ընթացքին ստիպուած եղած է արագ մեծնալ: Ան կը խօսի հանգիստ ու հասուն եւ դարձած է ձայնը այն հայ ընտանիքին, որ կը փափաքի վերադարձնել որդին, եղբայրը ու հայրը, որու միակ յանցանքը Հայաստանի մէջ աւելի լաւ ապագայի մը երազանքները եղած էր:
Այս երազանքները սակայն փշրուեցան, երբ Ատրպէյճան անսպասելի պատերազմ սկսաւ Արցախի դէմ: Չիմանալով, որ քաղաքը արդէն գրաւուած է, հրադադարի մասին համաձայնագիրի յաջորդ օրը, 10 նոյեմբեր, 2020-ին, Վիգէն Մարալ Նաճարեանին հետ գացած էր Շուշի՝ իրերը հիւրանոցէն վերցնելու, նախքան քաղաքը Ատրպէյճանին յանձնուիլը: Ատրպէյճանական զօրքերը կանգնեցուցած են զանոնք եւ հանրակառքով տարած Պաքու` բազմաթիւ այլ հայ գերիներու, քաղաքացիական անձերու եւ զինուորներու հետ միասին: Մարալ Նաճարեան ազատ արձակուեցաւ մարտ 2021-ին, իսկ Վիգէնը կը շարունակէ մնալ գերութեան մէջ, ուր անոր դէմ քրէական գործ յարուցուած է Ատրպէյճանի կողմէ:
Միջազգային Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն միայն փետրուար 2021-ին թոյլատրուած է այցելել Վիգէնը բանտին մէջ: ԿԽՄԿ-ը նպաստած է Վիգէնի եւ Պէյրութ գտնուող անոր ընտանիքի պարբերաբար հաղորդակցութեան եւ նամակներու փոխանակման: Ապրիլին, հինգ ամիս գերեվարութենէ ետք, առաջին անգամ թոյլատրած են Վիգէնին, որ զանգէ ընտանիքին: Ան ըսած է անոնց, որ իր հետ լաւ կը վերաբերին, եւ որ իր փաստաթուղթերը կը վերանայուին երեք ամսուայ ընթացքին զինք ազատ արձակելու համար։
Սակայն ըստ աղբիւրին, այս յոյսերը կրկին փարատած են, երբ 5 մայիսին, Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած է, որ Վիգէն Իւլճեքեանի հետաքննութիւնը աւարտած է եւ անոր գործը ուղարկուած է դատարան: Զինք կը մեղադրեն «ահաբեկչութեան», «որպէս վարձկան, ռազմական հակամարտութեան մասնակցելու» եւ «ատրպէյճանական սահմանը ապօրինի հատելու» մէջ։