image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայէն պետական մրցանակ Կարպիս Ափրիկեանին եւ Սիմոն Աբգարեանին

Ֆրանսայէն պետական  մրցանակ   Կարպիս Ափրիկեանին  եւ Սիմոն Աբգարեանին

12 Մայիս 2021-ին, ի շարս Ֆրանսացի կարգ մը այլ արուեստագէտներու՝ պետական մեծարանքի արժանացած են երկու հայ արուեստագէտներ: Այս մասին կը տեղեկանանք «Նոր Յառաջ»էն:

Ֆրանսայի «Արուեստից եւ գրոց հրամանատար»ի շքանշանին արժանացած են վաստակաւոր երաժիշտ եւ տասնամեակներով «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբի ղեկավարութիւնը ստնաձնած Կարպիս Ափրիկեան, ինչպէս նաեւ համբաւաւոր եւ արժանաւոր դերասան Սիմոն Աբգարեան:

Նշենք, որ Մայեսթրօ Կարպիս Ափրիկեանը մեծապէս նպաստած է Եւրոպայի մէջ Կոմիտասի, Կանաչեանի, Ալեմշահի գործերուն ծանօթացումին: Ան իր տաղանդով ու վարպետութեամբ դարձած է եզակի անուն մը՝ հայ երաժշտական կեանքէն ներս:

Իսկ յայտնի դերասան Սիմոն Աբգարեան անցեալ տարի արժանացած էր ֆրանսական հեղինակաւոր «Մոլիէր» թատերական երեք մրցանակներու: Ան 1993ին, կնոջ` դերասանուհի եւ բեմադրիչ Քաթրին Շաուպի հետ Փարիզի մէջ հիմնած է «T.E.R.A.» թատրոնը, որ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից ներկայացումներ: Բացի թատերական դերերէն, ան դերեր ստանձնած է նաեւ պատկերասփիւռի բազմաթիւ յայտագիրներու մէջ: 2001ին, «Հրէշը Լուսինի Վրայ» ներկայացման համար եւս ան արժանացած է մրցանակի: