Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Թեհրանի մէջ բողոքի ցոյցի դուրս եկած են՝ ընդդէմ ԱՄՆ-ի կողմէ իրանցի հեղինակաւոր զօրավար Քասէմ Սուլեյմանիի սպանութեան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ալ Ճազիրա» պարբերականը, ցուցարարները վանկարկած են «մահ Ամերիկային» եւ զոհուած զօրավարի լուսանկարով պաստառներ ցուցադրած են: Յղում ընելով իրանական պետական լրատուական գործակալութեան՝ պարբերականը կը յայտնէ, որ նմանօրինակ ցոյցեր եղած են նաեւ Արաք, Պոճնուրտ, Համատան, Հորմոզկան, Սանանտաճ, Սեմնան, Շիրազ եւ Եազդ քաղաքներուն մէջ:
Կը նշուի, որ ցուցարարները կ'աջակցին երկրի Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենիի յայտարարութեան, որ խոստացած է վրէժ լուծել Սուլեյմանիի մահուան համար:
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբն ուրբաթ վստահութիւն յայտնած է, որ «Իրանական յեղափոխութեան պահակներու փաղանգի» յատուկ ստորաբաժանման ղեկավարը պէտք էր չէզոքացնել տարիներ առաջ:
ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօն, իր հերթին, CNN-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ զօրավար Սուլեյմանին չէզոքացնելու մասին որոշումը հարիւրաւոր ամերիկացիներու կեանք փրկած է: