image

Երեւանի մէջ. Առաջին հաղորդութեան հոգեպարար արարողութիւն Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնէն ներս

Երեւանի մէջ. Առաջին հաղորդութեան հոգեպարար արարողութիւն Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնէն ներս

Երեւանի Քանաքեռ շրջանի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի   ժողովրդապետութեան կազմակերպութեամբ օրերս տեղի ունեցած է առաջին հաղորդութեան հոգեպարար արարողութիւն։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ 5 յունիսին տեղի ունեցած արարողութեան նախագահած է, Սուրբ Պատարագ մատուցած Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ տ. Ռաֆայէլ արք. Մինասեան։

 Պատարագի արարողութեան մասնակցած է  Երեւանի ժողովրդապետ տ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեան։

 Այնուհետեւ   18 սաներ, որոնք նախօրօք պատրաստուած էին այս արարողութեան յատուկ տօնական զգեստներով մօտեցած են եւ հաղորդութիւն ստացած ձեռամբ ՝ Գերապայծառ Մինասեանին։

 Արարողութեանց նոյնպէս ներկայ գտնուած են Հայ Կաթողիկէ համայնքի կրօնական եւ համայնքային գործիչներ եւ օրերս Երեւան գտնուող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ տ. Միքայէլ արք. Մուրատեան։

 

 Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցած է մտերմիկ հանդիպում եւ սաներու ծնողները այս առթիւ ընդունած են շնորհաւորութիւններ։

Ուշագրաւ է նաեւ, որ    սաներուն մէջ  եղած են  վերջին տարիներուն  մասնաւորապէս Լիբանանէն  Հայաստան  հայրենադարձած   ընտանիքներու    զաւակներ։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ հայ քրիստոնական համայնքներուն մէջ միայն Կաթողիկէ եկեղեցին է, որ ունի նման արարողութիւն, որուն միջոցաւ ալ կրօնական դաստիարկութիւն անցած սաները կը պատրաստուին լիարժէք կերպով մասնակցիլ կրօնական-եկեղեցական  առօրեային։

 

 Բարի եւ լիարժէք ուխտ կը մաղթենք Սուրբ Հաղորդութեան արժանացած սաներուն։