image
Հրատապ լուրեր:

Հայկազեան Համալսարանի 66-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Հայկազեան Համալսարանի 66-րդ Հունձքի Ամավերջի Հանդէսը

Հայկազեան Համալսարանը Ուրբաթ, 5 Յունիս 2026-ին, հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ նշեց իր 66-րդ Շրջանաւարտական Հանդիսութիւնը։ Ներկայութեամբ Հաաստանի Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանի, հոգեւոր պետերու, ընտանիքի անդամներու, բարեկամներու եւ համալսարանի հիւրերու, 172 շրջանաւարտներ ստացան իրենձ վկայականները, պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց ինչպէս նաեւ մագիստրոսի աստիճաններով։ 

Բացման խօսքին մէջ համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոստեան խոր հպարտութեամբ արտայայտուեցաւ շրջանաւարտ դասարանի յաջողութիւններուն։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց ծնողներուն եւ ընտանիքներուն անսակարկ նուիրումը, զոհողութիւններն ու քաջալերանքը, ներկաները հրաւիրելով ջերմ ու խանդավառ ծափողջոյնով երախտագիտութիւն յայտնելու անոնց։

Հայտոսթեան անդրադարձաւ բարձրագոյն կրթութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ կապուած մարտահրաւէրներուն:  «71 տարիներ շարունակ, Հայկազեան մեր բոյնը շարունակած է բարձրացնել հայուն անունը, պատրաստել սերունդներ մասնագիտական ծառայութեան, կամուրջներ հաստատել Միջին Արեւելեան զանգուածներու հետ, եւ անկայունութեան, անարդարութեան թէ պատերազմներու մթնոլորտներուն մէջ իսկ, յաջողած է ներշնջել շատերը խոր մարդկային եւ քրիստոէնական խաղարարար սկզբուքներով, այս բոլորը՝ հիմնուած դարաւոր հոգեմտաւոր, մշակութային ու ազգային ժառանգութեան վրայ »  Հայտոսթեան ըսաւ:

Անդրադարնալով Հայկազեանի սուրբ արաքելութեան, Հայտոսթեան նշեց, «Մեր ուսումնական ու մշակութային ծրագիրներով եւ ստեղծած մթնոլորտով պիտի շարունակենք պատուել Լիբանանը, Հայաստան Հայրենիքը, ծաղկեցնել հայու արժանապատիւ պատմութիւնն ու վկայութիւնը, նուիրաբերելով մեր լաւագոյնը, բարոյական ու քրիստոնէական հոգեմտաւոր աւանդով»: 

Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առաւ նաեւ համալսարանի նախկին շրջանաւարտուհի Ճինան Խայուա Ալ Քասեմը՝ վկայագրուած կրթական հոգեբան եւ Մաքասէտ Խալետ Պըն Էլ Ուալիտ Քոլեճի տնօրէնը։ Անդրադառնալով Հայկազեան Համալսարանին հետ իր ութամեայ ուղեւորութեան՝ որպէս ուսանողուհի եւ ապա շրջանաւարտուհի, ան համալսարանը բնորոշեց որպէս «աւելին, քան ուսումի վայր. ան դարձաւ տուն մը, որ սնած է իմ ձգտումներս, ամրապնդած է բնաւորութիւնս եւ ներշնչած է գերազանցութեան, յարատեւութեան ու կեանքի տեւող ուսման արժէքները»։

Իր նախաւարտական եւ մագիստրոսական ուսման փորձառութիւններէն մեկնելով՝ Ալ Քասեմ ընդգծեց Հայկազեանի կրթական միջավայրին, նուիրեալ դասախօսներուն եւ մնայուն առաջնորդութեան վերափոխիչ ազդեցութիւնը։ Ան շեշտեց, որ համալսարանը իր ուսանողները կը պատրաստէ «ոչ միայն յաջող մասնագիտական ասպարէզներու, այլեւ իմաստալից կեանքի», զինելով զանոնք այն գիտելիքներով, կարողութիւններով եւ արժէքներով, որոնք անհրաժեշտ են մասնագիտական ու անձնական մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման համար։

Դիմելով շրջանաւարտներուն՝ ան քաջալերեց զանոնք մարտահրաւէրները դիմաւորելու լաւատեսութեամբ, ձգտելու գերազանցութեան իրենց բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ եւ մնալու գիտակից ու պատասխանատու քաղաքացիներ։ 

Իսկ  շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Արման Տէր Պետրոսեանն ու Պիսան Էլ Հասանը որ իրենց դասընկերներուն անունով անոնք խոր շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, դասախօսներուն, համալսարանի վարչական ու ակադեմական անձնակազմին՝ գնահատելով անոնց նուիրումը, առաջնորդութիւնն ու ներդրումը իրենց կերտման եւ կեանքի յաջորդ հանգրուանին պատրաստելու գործին մէջ։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ համալսարանի քայլերգի երգեցողութեամբ, որմէ ետք օրհնութեան խօսքը փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Յանձնախումբի ատենապետ Վեր. Հրայր Չոլաքեանը։

Միրա ԵարտըմեանԾ
Հանրային Կապերու Տնորէն