image
Հրատապ լուրեր:

Հանրային հետապնդում՝ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ. Իրաւապահները արգիլած են Ծառուկեանի Հայաստանէն հեռանալը

Հանրային հետապնդում՝  Գագիկ Ծառուկեանի դէմ. Իրաւապահները արգիլած են Ծառուկեանի Հայաստանէն հեռանալը

Դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է Գագիկ Ծառուկեանի նկատմամբ, յայտնած են ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն:

Քրէական հետապնդում յարուցուած է Քրէական օրէնսգիրքի 290-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 2-րդ կէտով (առանձնապէս խոշոր չափերով հարկերէ խուսափիլը: Խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը:

Աւելի վաղ լուրերն տարածուած էին, որ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանն այսօր՝ յունիս 9-ին, «Զուարթնոց» օդակայանէն փորձած է լքել Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն իրաւապահ մարմինները թոյլ չեն տուած։

Յիշեցնենք՝ դեռ քարոզարշաւի ժամանակ ենթադրելով նման սենարի հաւանականութիւն՝ Նիկոլ Փաշինեանը բազմիցս ըսած է, որ «պատերազմի եռագլուխ կուսակցութեան առաջնորդները երազելու են Հայաստանից փախնելու մասին ու չեն կարողանալու»: