Արեւմտահայ արձակագիր, բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Եղիա Տեմիրճիպաշեան 9 Ապրիլ 1883-ին Պէշիկթաշէն հայ բանասէր ու գրաքննադատ Հրանտ Ասատուրին կը գրէ. «ամէնն ալ գուցէ միանալով` զիս այսպէս ըրին, հիւանդ, հիւանդ մարմնապէս, այլ մանաւանդ բարոյապէս» (Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1914, էջ 39):
Հիւանդ մարմնապէս... այլ մանաւանդ բարոյապէս: Եւ այսօր, ցաւօք, այս իրականութեան մէջ կը գտնուի մեր հայրենիքը, որ հողի կորուստով, հողին յանձնուած հազարաւոր նահատակներով կ'ապրի մարմնական հիւանդութիւնը, իսկ ամօթալի պարտութեամբ՝ բարոյական ցաւահարութիւնը:
Եւ կ'արժէ լրջօրէն մտածել թէ ո՞րն ցաւն է աւելի խոր ու ծանր: Հաւանաբար անոնք տեղ մը ընդելուզուած ըլլան, որովհետեւ, բնականաբար, առաջինէն կը ծնի երկրորդը, սակայն պէտք է յստակ գիտնալ որ երկրորդը՝ բարոյապէս հիւանդանալը աւելի՛ մեծ աւերներ կը գործէ քան մարմնականը՝ մանաւանդ երբ ազգի մը բարոյական զգացողութիւնն է հիւանդացածը:
***
Նախակրթարանի օրերուն շատ տարօրինակ ու արտասովոր կը հնչէր ուսուցիչի հետեւեալ խօսքերը. «Վարդանանց ճակատամարտին հայերը պատրուեցան՝ բայց բարոյապէս յաղթեցին»: Մեր մանկունակ տրամաբանութեան մէջ շատ անգամ այդ մէկը ինքնախաբէութիւն կը թուէր: Շատ անգամ ընկերային խաղերու պարտութեան պարագային «բարոյական յաղթանակ»ի օգտագործումը կ'ուրախացնէր մեր երեխայական զգացողութիւնը: Շատ անգամ կը մտածէինք. երբ մեծնանք ինչպէ՞ս պիտի արդարացնենք մեզ յաջորդող սերունդներուն: Պարտուեցանք՝ բայց յաղթեցի՞նք:
Սակայն երբ հասակ առինք սկսանք գիտնալ մարմնապէս պարտութեան, բայց բարոյապէս յաղթելու տարբերութիւնները։ 2020-ի Արցախեան պատերազմը ա՛լ աւելի տեսական օրինակը հանդիսացաւ թէ ի՛նչ ըսել է պարտուիլ թէ՛ նիւթապէս ու մարմնապէս եւ թէ՛ ալ բարոյապէս:
Ներկայիս Հայ ազգը կ'ապրի այդ ամենասարսափելի իրողութիւնը. բարոյապէս պարտուած ըլլալու մահագոյժ իրավիճակը:
Հայ հրապարակագիր եւ ազգային գործիչ Շաւարշ Միսաքեան 1948-ին Հալէպէն կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Երբեմն հոգեկան թշուառութիւնը աւելի մեծ աւերներ կը գործէ քան նիւթական տագնապը» (Շաւարշ Միսաքեան, Սերունդի մը Վերջալոյսը): Եւ այժմ հոգեկան թշուառութեան եւ բարոյալքումի գալարման ցաւագին ընթացքը կ'ապրինք:
Արդ, ինչպէ՞ս հասկնալ բարոյապէս յաղթանակն ու անբարոյ պարտութիւնը:
* Պէտք է պարզ ու յստակ ըլլայ, որ բարոյական յաղթութիւնը աւելի՛ կարեւոր երեւոյթ մըն է՝ քան մարմնականը, որովհետեւ մարմնական յաղթանակը կրնայ սահմանուած ըլլալ յատուկ ժամանակահատուածի մը շրջանակներէն ներս, մինչ բարոյականը՝ դարեր, ինչպիսին է Վարդանանց ճակատամարտի բարոյական յաղթութեան արգասիքը, որ 1570 տարի ետք դարձեալ իր արդիւնքը կու տայ:
Վարդանանց ճակատամարտը մարմնականէն աւելի ինքնութեան ճակատամարտ էր. Ճակատամարտ՝ լուծարուելու պարսիկներու մէջ, կա՛մ ՀԱՅ մնալու:
Այդ ժամանակուայ հայ մեծաւորները վստահաբար կրնային ընտրել իրենց կեանքի փրկութիւնը եւ ընդունիլ կրօնափոխութիւնն ու ձուլումը, սակայն յաւիտենական բարոյական պարտութեան առիթ պիտի տային հայոց պատմութեան պատմական էջերուն, արդ, ընտրեցին բարոյական պայքարը, առաջնորդուելով իմացեալ մահուան գաղափարով:
451 թուականին Պարսիկները յաղթեցին միայն մարմնապէս՝ նահատակութեան պսակով զարդարելով Վարդանը, Ղեւոնդ Երէցը, Թաթուլ Վանանդեցին, Խորեն Խորխոռունին եւ ճակատամարտի մասնակից 66,000 հայ զինուորները:
Հայերը բարոյապէս յաղթեցին, որովհետեւ.-
ա.- Որպէս ազգութիւն ու ինքնութիւն (կրօն, լեզու) չձուլուեցան Պարսիկներուն:
բ.- Իրենց կեանքը փրկելու գնով ապրիլը առաջնահերթութիւն չդարձուցին, այլ նախընտրեցին մեռնիլ ու մնալ հայ՝ քան ապրիլ ու բարոյապէս մեռնիլ:
Եւ եթէ այդ բարոյական յաղթանակը տարած չըլլային, հաւանաբար այսօր ո՛չ ես հայերէն կը գրէի եւ ո՛չ դուն հայերէն կը կարդայիր. Հայաստանն ու հայ անունները պատմութեան գիրքերու մէջ կը յիշուէր որպէս անցեալին եղած ու կորսուած ազգութիւն կամ պետութիւն մը:
Բարոյական յաղթանակը միայն Վարդանանցի ժամանակ չեղաւ, այլ բարոյապէս յաղթանակ է երբ ամէ՛ն հայ երիտասարդ հայերէն խօսի, հայերէն երգէ ու հայերէն կարդայ, որովհետեւ ցեղասպանութեան ժամանակ եւս Թուրքը չյաջողեցաւ սպաննել այդ սրբութիւնները:
Ու այդ յաղթանակէն 1570 տարիներ ետք՝ (Մեղա՜յ բարոյական յաղթանակ կերտած նահատակներուն), հայ ազգը «յաջողեցաւ» ապրիլ իր բարոյական պարտութիւնը: Պարտութիւն՝ որ ամօթով ծածկեց պատմութեան մեր էջերը:
Պոլսոյ մէջ, 1910ին հրատարակուեցաւ Բագրատ Այվազեանի «Անին Ծախուեցաւ» պատմավէպը, որ կը ներկայացնէր 1034-1064 ժամանակաշրջանի Անիի կործանումը, որուն բարոյական պարտութեան հեղինակներն էին Վէստ Սարգիս, Պետրոս Գետադարձ եւ իրենց նման այլ փառասէր իշխաններ ու հոգեւորականներ:
Այսօր, առանց պատմավէպի մեր աչքերով ականատես կ'ըլլանք «Արցախը ծախուեցաւ» աշխատութեան, որ պատմութեան էջերուն մէջ մի՛շտ պիտի յիշուի որպէս ամօ՛թ ու բարոյական պարտութիւն:
Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայուն վնասողն ու աւերողը ո՛չ թէ Թուրքը՝ այլ նախ եւ առաջ հայն է: Թշնամին սրբութի՛ւն է ի դիմաց դաւաճան, հայրենադաւ ու ազգադաւ հայերու, որոնք աւելի սարսափելի են՝ քան նոյնինքն թշնամին եւ անոր զէնքերն ու զօրքերը:
Հրայր Տաղլեան