Միջազգային չափանիշերու համաձայն՝ եթէ երկրին մէջ չորս շաբաթ տեղումներ չեն ըլլար, Կառավարութիւնը անյապաղ երաշտ կը յայտարարէ: Այս մասին 5 Յունիսին, NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է «Ագրարագիւղացիական միաւորման» նախագահ Հրաչ Պէրպէրեանը։
«Եթէ մենք այս տարի ձիւնի հաստ շերտ ունէինք եւ գարնանը յորդառատ անձրեւներ, ապա ինչո՞ւ է այժմ մեր ջրամաբարներում սակաւաջրութիւն։ Մեր ունեցած տեղեկութիւններով, որքան գիւղացիներն են մեզ տեղեակ պահել, այդտեղ մի քանի ՀԷԿ-եր կան, որոնք նստած են ջրամաբարների վրայ եւ տարին 12 ամիս այդ ջուրը հոսում է դէպի Ախուրեանի ջրամբար։ Ախուրեանի ջրամբարի 50-60 %-ը գնում է դէպի Թուրքիա։ Այսինքն մենք ոչ միայն խանգարում ենք մեր գիւղացուն, այլ նաեւ օգնում ենք Թուրքիային»,- ըսած է ան։
Փորձագէտը ստեղծուած իրավիճակում փտածութեան հետքեր կը տեսնէ։ Ջուրը կը վաճառեն ՀԷԿ-երուն, որու հետեւանքով գիւղացին անջուր մնացած է։
«Մեղաւորը կառավարութիւնն է, որ այսօր մեր ջրամբարներում ջուր չկայ։ Վաճառել են մեր ջուրը, պարզ ասում եմ, վաճառել են ՀԷԿ-երին։ Այդ ՀԷԿ-երը տարին 12 ամիս ջուրը տանում են, չափորոշիչներն են խախտուել»,- նշած է Հրաչ Պէրպէրեանը։
Հրաչեայ Պէրպէրեանի տեղեկութիւններով՝ ամէնէն շատ վնասներ կրած են Շիրակի, Գեղարքունիքի եւ Արարատի մարզերը՝ հիմնական հացահատիկի, գետնախնձորի եւ մշակաբոյսերու ցանքատարածութիւններու մէջ։
«Մեր մասնագէտների հաշուարկներով՝ խօսքը գնում է 130 միլիառի մասին։ Միգուցէ մի քիչ աւել է, մի քիչ պակաս է։ Վերջնական հաշուարկները դեռ չունենք, կ'ունենանք աշնանը»,- ընդգծած է փորձագէտը։
Փորձագէտի խօսքով՝ մինչեւ վերջին 7-8 տարին՝ նախքան հէկերու յայտնուիլը, մենք նման խնդիրներ չէինք ունենար, իսկ ունենալու պարագային անոնք կը լուծուէին։ Այժմ ամէն ինչ այլ է, քանի որ Կառավարութեան մէջ մասնագէտներ գրեթէ չկան։