Ռուսաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահուան թիւը մէկ օրուայ մէջ աճած է 786-ով՝ մէկ օր առաջուայ 780-ի համեմատ, այդ նոր մրցանիշ է համավարակը սկսելէն ի վեր: Վարակէն մահացած է 145 278 մարդ, 14 յուլիսին լրագրողներուն յայտնած են հիւանդութեան դէմ պայքարի դաշնային անմիջական շտաբէն:
«Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած պարագաներու թիւը մէկ օրուայ մէջ աճած է 23 827-ով՝ մինչեւ 5 857 002: Յարաբերական արտայայտութեամբ՝ հիւանդացածներու թիւի աճը կազմած է 0,41 տոկոս:
Ներկայիս, Ռուսաստանի մէջ բուժումը կը շարունակէ 454 241 մարդ: «Քորոնա» ժահրով վարակուելէն ետք բուժուածներուն թիւը մէկ օրուայ մէջ աւելցած է 21 269-ով՝ մինչեւ 5 257 483: