image

Լիբանանի վարչապետը ահազանգ կը հնչեցնէ. Լսող պիտի ըլլա՞յ

Լիբանանի վարչապետը ահազանգ կը հնչեցնէ. Լսող պիտի ըլլա՞յ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի, երէկ, երկրի խորհրդարանին առջեւ կարճ ելոյթ մը ունենալով, յայտարարեց, որ երկիրը կը գտնուի բաւական դժուար փուլի մը մէջ: Ան նաեւ նշեց, որ եթէ կարեւոր եւ հիմնական բարեփոխումներ տեղի չունենան, ապա երկիրը տնտեսապէս կրնայ փլուզման ենթարկուիլ:

Հարիրի նաեւ նշեց, որ այդ բարեփոխումներու առումով կարեւոր ընելիքներ կան, որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ հաւասարակշռել երկրի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ նուազեցնել նիւթական արտահոսքերն ու վնասները:

Լիբանանի վարչպաետի խօսքէն ետք, նոյնպէս խօսք առաւ երկրի ելեւմտական նախարար Հասան Խալիլ եւ դիտարկեց, որ վարչապետի մտահոգութիւնները տեղին են: Ան նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ փուլին տեղի պիտի ունենան շատ կարեւոր եւ նոյնիսկ ցաւցնող կարգադրութիւններ, որոնց հիմքով ալ կրնայ 15 առ հարիւրով նուազիլ պետական պաշտօնեաներուն ամսականները:

Ի դէպ, Հարիրիի խօսքին մասին կարեւոր նշումներ կատարեց LBCI կայանը, նշելով, որ եթէ երկրին մէջ տնտեսական բարեփոխումներու փաթեթը չիրականացուի, ապա Լիբանանի համար յատկացուած «Սետր» խորհրդաժողովը կրնայ չեղեալ համարուիլ, որմէ ետք ընթացք կ'առնէ տնտեսական եւ ֆինանսական փլուզման փուլը, ինչպէս նաեւ ի չիք կը դառնան բոլոր յաւելավճարները, որոնց մասին աւելի վաղ խոստումներ կատարած էր եւ յատուկ որոշում ընթունած էր երկրի նախկին խորհրդարանը:

Յայտնենք, որ կարգ մը փորձագէտներու հաւաստիացմամբ, Լիբանանի տնտեսական տագնապը աւելի մեծ սրութիւն կ'ապրէր սուրիացի գաղթականներու ներհոսքի հետեւանքով, որոնք մեծ բեռ կը հանդիսանան երկրի կառավարութեան վրայ: