Մինչ կը շարուանկուի Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապը, լիբանանեան աղբիւրներ կը յայտնեն, որ վերջին օրերուն հակամարտող եւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ հակասական կարծիք արտայայտող կողմերը եկած են այն համոզման, որ նախագահ Աուն կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ յառաջիկայ փուլին:
Այս մասին նաեւ ակնարկ կատարած է Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի, որ յայտարարած է, թէ ինք համամիտ է նախագահ Աունի վերջին օրերուն արտայայտած միտքին, այն իմաստով, որ երկիրը ժամանակ չունի սպասելու եւ պէտք է արագօրէն նոր կառավրութեան կազմութիւնը յաջողութեան հասնի:
Յիշեցնենք, որ նոր կառավարութեան կազմութեան տագնապը դարձեալ կը սրէր, երբ 8 մարտի սիւննիներ անունով յայտն կողմը վարչապետ Հարիրիէն կը պահանջէր նախարար մը ունենալ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ, մինչ Սաատ Հարիրի կը մերժէր անոնց առաջարկը յայտարարելով, որ «ինք՝ է եւ կը շարունակէ մնալ բոլոր սիւննիներու հայրը»:
Յայտնենք, որ Լիբանան անցեալ մայիսէն ի վեր կը սպասէ նոր կառավարութեան կազմութեան: