Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Զօր․ Միշէլ Աուն Մոսկուա տալիք իր այցի նախօրէին հարցազրոյց տուած է ռուսական կայաններուն:
Աուն մասնաւորապէս իր բողոքը յայտնած է Լիբանանի դէմ դրուած ելեւմտական պատժամիջոցներու եւ արեւմուտքի ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ գործադրուող ճնշումներուն վերաբերեալ:
Նշենք, որ վերջին ամիսներուն Միացեալ Նահանգներ խիստ պատժամիջոցներ հրապարակած է «Հըզպալլա»ի դէմ, որոնք կը միտին նիւթական եւ ելեւմտական պաշարման ենթարկել այդ կազմակերպութիւնը, որուն հետեւանքով ալ լիբանանեան դրամատուներ, ինչպէս նաեւ երկրի ելեւմտական ընդհանուր համակարգը կրնայ մեծ վնասներու ենթարկուիլ:
Հետեւաբարջ Աունի այս յայտարարութիւնը անմիջական կապ ունի ամերիկեան պատժամիջոցներուն հետ եւ լիբանանցի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ եթէ իրավիճակը այսպէս շարունակուի երկիրը պիտի յայտնուի ամբողջական ամպարկոյի մը մէջ: