Լիբանան-(«Էլ-Նաշրա»-Պէյրութ)- Կարգ մը բոյսերու մէջ սնկային թոյներու գոյութիւնը պատճառ դարձած է Լիբանանի մէջ մեծ թիւով մարդոց քաղցկեղէ տառապելուն: Այս մասին գրած է լիբանանեան «Էլ-Նաշրան», որ նաեւկը նշէ, որ Լիբանանի մէջ գիւղատնտեսութիւնը դադրած է շահութաբեր ասպարէզ ըլլալէ, գիւղատնտեսութիւնը օժանդակող ծրագիրներու բացակայութեան եւ շատ մը բուսատեսակներու քաղցկեղ պատճառող սնկային թոյներ պարունակելուն հետեւանքով:
Կայքը կը նշէ, որ սնկային թոյները (Mycotoxins) կը նկատուին ամենավտանգաւորը մարդու եւ կենդանիներու առողջութեան համար եւ երիկամային անբաւարարութեան հիւանդութեան հիմնական պատճառներէն մէկը շատ մը երկիրներու մէջ:
Կը նշէ նաեւ, որ սնկային թոյներու մեծ տոկոսով արտադրման խթանող հիմնական պատճառներէն մէկը, բացի բուսատեսակէն եւ ցանքի վայրէն՝ կլիմայի ապականումն է:
Մանրէներու ճարտարագիտութեան Տոքթ. եւ համալսարանի գիտաշխատող Անտրէ Խուրի այս հարցին վերաբերեալ յայտնած է, որ դրութիւնը աւելի լուրջ կ'ըլլայ երբ այդ թունաւոր բոյսերը կ'ամբարուին առանց պահպանելու միջազգային չափանիշներով հաստատուած պահպանման պայմանները, որ պատճառ կը դառնան թոյներու հսկայական քանակութեամբ աճին: Խուրի նշած է նաեւ, որ բոյսերու մէջ սնկային թոյներու գոյութիւնը կը նշանակէ անոնց ներկայութիւնը սննդամթերքին մէջ, որ հնարաւոր չէ հեռացնել բարձր ջերմաստիճանի վրայ ճաշ պատրաստելու միջոցաւ:
Տարրալուծարաններու մէջ եղած քննութիւնները ապացուցած են այդ թոյներու գոյութիւնը ցորենի, եգիպտացորենի, խաղողի, խնձորի, կաթի եւ կաթնամթերքի, ինչպէս նաեւ որոշ տեսակի միսերու մէջ, որոնք գերազանցած է իր գոյութեան թոյլատրելի մակարդակի առաւելագոյն սահմանը: