Արաբական թերակղզիէն արեւադարձային տաք օդի ալիքի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ ապրիլ 4-7-ը օդի ջերմաստիճանը հանրապետութեան ողջ տարածքին աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 8-10 աստիճանով։
Սիւնիքի հովտային գօտիին վրայ արդէն ապրիլ 7-ին օդի ջերմաստիճանը ցերեկային ժամերուն պիտի հասնի +26…+29, Արարատեան դաշտին եւ Երեւանի մէջ +24…+27 աստիճանի։
Երեւան քաղաքին մէջ
Ապրիլ 3-ին քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ: Ապրիլ 4-7-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Հանրապետութեան տարածքին
Ապրիլ 3-ին առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուին կարճատեւ տեղումներ, հնարաւոր է ամպրոպ:
Ապրիլ 4-7-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Քամին՝ հարաւարեւելեան, 2-5 մ/վրկ արագութեամբ:
Օդի ջերմաստիճանը ապրիլ 4-7-ը աստիճանաբար կը բարձրանայ 8-10 աստիճանով: