Բաւականին տրամաթիք իրադարձութիւնով մը լիբանանցի քաղաքական գործիչներ մեծ գումարներ դուրս հանած են երկրէն։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Քապաս» պարբերականին կողմէ, որն իր կարգին յղում կատարած է լիբանանցի անուանի տնտեսագէտ Մարուան Իսքանտարին։ Իսքանտար նշած է, որ վերջին շաբաթներուն կարելիութիւնը ունեցած է խօսիլ Պէյրութ գտնուող զուիցերացի լրագրողի մը հետ եւ ան է, որ այդ տեղեկութիւնները հաղորդած է իրեն։ Ըստ տրուած տեղեկութիւններուն, 9 լիբանանցի քաղաքական յայտնի գործիչներ վերջին շաբաթներու ընթացքի մեծ գումարներ հանած են երկրէն եւ զանոնք փոխադրած են Զուիցերիա։
Նաեւ ըսած է, որ այդ գումարները կը գնահատուի 2 միլիառ ԱՄՆ տոլարով։
Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն եւ մէկէ աւելի առիթներով նման տեղեկութիւններ շրջանառութեան մէջ դրուած էին։