image

Գօտեպնդուած անպատժելիութեան զգացումով՝ Ատրպէյճանը փորձում է ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ. Արա Այվազեան

Գօտեպնդուած անպատժելիութեան զգացումով՝ Ատրպէյճանը փորձում է ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ. Արա Այվազեան

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնը հետեւանքն է Սեպտ․ 27-ի պատերազմին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը վտանգելու Ատրպէյճանի գործողութիւններուն ոչ համարժէք միջազգային արձագանգին: Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆի հետ հանդիպման նման կարծիք յայտնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեան:

«Գօտեպնդուած անպատժելիութեան զգացումով՝ Ատրպէյճանը փորձում է ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ, որոնք չեն բխում տարածաշրջանային կայունութեամբ շահագրգիռ երկրների շահերից։ Այս պայմաններում մեր տարածաշրջանային գործընկերների հետ երկխօսութիւնն առաւել քան կարևոր է»,- ընդգծած է Այվազեան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Ճաուատ Զարիֆը իր հերթին անդրադարձած է Հայաստանի սահմանին Ատրպէյճանի սադրանքներուն, որու հետեւանքով հայ զինծառայող զոհուած է։ Խօսելով այս խնդրի վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշման մասին՝ վերջինս լրագրողներուն ըսած է.

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ մշտապէս կողմնակից է խնդիրներու խաղաղ լուծման՝ յարգելով երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինչպէս նաեւ այդ ժողովուրդներու իրաւունքը»։

Զարիֆը նշած է, որ ցանկացած սրացման պարագային, երբ լարուածութեան հետեւանքով մարդիկ կը զոհուին, Իրանը կը մտահոգուի եւ կը ցանկայ հարցի արագ  խաղաղ լուծում։

«Ես երէկ նաեւ հանգամանալից զրուցած եմ Ատրպէյճանի նախագահի հետ եւ ես զգացի անոր մտադրութիւնն այս լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ուղղութեամբ երկխօսութիւն վարելու մասին։ Ես հետամուտ պիտի ըլլամ որ նմանատիպ խօսակցութիւն ունենամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ»։

Ըստ Հայաստանի Արտգործ նախարարութեան՝ այցի շրջանակներուն մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ նախագահ Արմէն Սարգսեանին, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին հետ։