image

Հեռուստատեսային վէճի մը հետեւանքով Լիբանանցի նախարար ՝ Շարպէլ Ուահպէ հրաժարական ներկայացուց

Հեռուստատեսային վէճի մը հետեւանքով Լիբանանցի նախարար ՝ Շարպէլ Ուահպէ հրաժարական ներկայացուց

 Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարար Շարպէլ Ուահպէ այսօր հրաժարական ներկայացուց։

 

 Ուահպէ, որ վերջին  երկու օրերուն բուռն քննադատութիւններու թիրախ դարձած էր  իր կարգին վիրաւորական խօսքեր  ըսած էր Սէուտցի վերլուծաբան Սալման Ալ Անսարիի հասցէին։

 Իսկ  լեզուակռիւը տեղի ունեցած էր «Ալ Հուրրա» կայանէն  սփռուող քաղաքական յայտագրի մը ընթացքին, երբ Ուահպէ Լիբանանի նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Աունի ու անոր փեսայի հասցէին ուղղուած ծաղրական խօսքերուն չդիմանալով, իր հունէն դուրս գալով  Սէուտցիներն համարած էր «Պատաուի»ներ։