image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի քաղաքական գործիչներ երկրէն տոլար «կը փախցնե՞ն»

Լիբանանցի      քաղաքական  գործիչներ երկրէն  տոլար «կը  փախցնե՞ն»

Բաւականին  տրամաթիք   իրադարձութիւնով մը լիբանանցի  քաղաքական   գործիչներ մեծ գումարներ  դուրս  հանած են երկրէն։

Այս  մասին տեղեկութիւնը  տրուած է «Ալ Քապաս»  պարբերականին կողմէ,   որն իր կարգին   յղում   կատարած է լիբանանցի    անուանի  տնտեսագէտ Մարուան Իսքանտարին։ Իսքանտար նշած է, որ       վերջին   շաբաթներուն կարելիութիւնը ունեցած է խօսիլ  Պէյրութ   գտնուող  զուիցերացի    լրագրողի մը  հետ եւ ան է, որ այդ   տեղեկութիւնները հաղորդած է   իրեն։ Ըստ     տրուած տեղեկութիւններուն, 9  լիբանանցի     քաղաքական   յայտնի գործիչներ   վերջին շաբաթներու  ընթացքի մեծ  գումարներ հանած են երկրէն եւ զանոնք  փոխադրած են Զուիցերիա։

Նաեւ  ըսած է, որ   այդ  գումարները կը գնահատուի 2    միլիառ ԱՄՆ տոլարով։

Յիշեցնենք, որ  վերջին   ամիսներուն  եւ մէկէ  աւելի  առիթներով    նման  տեղեկութիւններ  շրջանառութեան մէջ դրուած էին։