image

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը

ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց ՍԴՀԿ կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը

ԼՂ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այսօր ընդունած է Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի: Հանդիպման քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին հարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող շարք մը հարցեր: ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւորած է աւանդական կուսակցութիւններուն հետ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ այն համարելով պահանջուած եւ կարեւոր համազգային խնդիրներու լուծման համար: