Այս պահուն լարուած իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունի ՊՊԾ կեդրոնի հարեւանութեամբ գտնուող Խորենացի փողոցին վրայ: Ոստիկանութիւնը պահանջած է բոլոր քաղաքացիներէն շրջանէն հեռանալ, մինչ ընդդիմադիր շարժումի ներկայացուցիչներ կ'առարկեն այդ պահանջին դէմ: Բուռն լեզուակռիւ տեղի ունեցած է յատկապէս «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան անդամ պատգամաւոր Զարուհի Փոսթանճեանի եւ Երեւանի փոխ ոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի միջեւ: Այնտեղ են նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան եւ լրագրող Լեւոն Բարսեղեան:Ըստ A1+ կայքին, քիչ առաջՊՊԾ կեդրոնի տարածքին մէջ լսուած են պայթումի ձայներ: