image

Լարուած իրավիճակ Խորենացի փողոցին մէջ

Լարուած  իրավիճակ  Խորենացի  փողոցին մէջ

Այս պահուն լարուած  իրավիճակ կը տիրէ Էրէբունի ՊՊԾ կեդրոնի հարեւանութեամբ  գտնուող Խորենացի  փողոցին վրայ: Ոստիկանութիւնը  պահանջած է բոլոր քաղաքացիներէն շրջանէն հեռանալ, մինչ ընդդիմադիր շարժումի ներկայացուցիչներ  կ'առարկեն այդ  պահանջին դէմ: Բուռն լեզուակռիւ  տեղի ունեցած է յատկապէս «Ժառանգութիւն»  կուսակցութեան   անդամ  պատգամաւոր  Զարուհի  Փոսթանճեանի  եւ Երեւանի փոխ ոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի միջեւ:  Այնտեղ են նաեւ «Ժառանգութիւն»  կուսակցութեան  փոխ նախագահ  Արմէն Մարտիրոսեան եւ լրագրող  Լեւոն Բարսեղեան:Ըստ A1+     կայքին, քիչ առաջՊՊԾ  կեդրոնի տարածքին  մէջ լսուած են պայթումի ձայներ: