Ֆրանսական «Le Figaro» թերթը հարցում կատարած է, պարզելու համար, թէ արդեօք Ասատի որպէս նախագահ մնալը ողջունելի՞ է, թէ ոչ:
22 օգոստոսին «Le Figaro»ի կայքէջին հրապարակուած հարցման պատասխանողներու զգալի մասը պնդած է, թէ նման հարցում պէտք է ուղղուի բացառապէս Սուրիոյ ժողովուրդին, նկատի ունենալով, որ վերջիններս են խնդրոյ առարկայ հանդիսացող միակ շահագրգռուած կողմը, եւ ոչ ֆրանսացիք կամ ուրիշներ:
Նշենք, որ պատասխանողներէն շատեր Ասատը համարելով պատերազմի յանցագործ, համարած են, որ անհրաժեշտ է զինք հեռացնել նախագահական աթոռէին, իսկ վերջինիս կողմ քուէարկողներու թիւը շատ փոքր էր: