ՀՀ քննչական կոմիտէի ԶՔԳՎ չորրորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ քննութիւն կը կատարուի՝ կրտսեր զինծառայող Սարգիս Ափինեանի մահուան հանգամանքները պարզելու համար: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը։
Քննչական կոմիտէէն յայտնած են, որ նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: Քննութեան արդիւնքներն աւելի ուշ պիտի հրապարակուին: