image

Կրակոցներ Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ

Կրակոցներ Երեւանի մէջ. Կան վիրաւորներ

Այսօր՝ 30 նոյեմբերին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ: Ինչպէս կը յայտնէ shamshyan.com-ը՝ Քանաքեռ –Զէյթուն վարչական շրջանի Քանաքեռ 14 փողոցի՝ «ՀԱՅՊԻԶՆԵՍՊԱՆՔ»-ի հարեւանութեամբ հնչած կրակոցներու հետեւանքով 2 հոգի հրազէնային վնասուածքներով տեղափոխուած են Միքայէլեանի անուան վիրաբուժութեան հիմնարկ:

ՀՀ քննչական կոմիտէի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանների քննչական բաժնէն ներս դէպքի վերաբրեաել  յարուցուած է քրէական գործ՝ ապօրինի զէնք կրելու եւ սպանութեան փորձ կատարելու մեղադրանքով:

 Նախնական տուեալներով՝ 29 նոյեմբերի երեկոյեան, Երեւանի Զաքարիա Քանաքեռցի փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ հնչած են կրակոցներ, որու հետեւանքով երկու անձ ստացած է հրազէնային վիրաւորում:

Դէպքէն անմիջապէս ետք, 1981-ի ծնունդ Երեւանի բնակիչը հրազէնային վիրաւորումով տեղափոխուած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոն» , իսկ 1984-ի ծնունդ տղամարդը ՝ «Միքայէլեան վիրաբուժութեան հիմնարկ» ՓԲԸ:

Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, միջոցներ կը ձեռնարկուին դէպքի հանգամանքները պարզելու, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձը, (անձերը) յայնաբերելու ուղղութեամբ: