image

Թուրքիա. Տասը հնավայրերէն երեքը կը պատկանին Հայկական մշակոյթի ժառանգութեան

Թուրքիա.  Տասը հնավայրերէն երեքը կը պատկանին Հայկական մշակոյթի ժառանգութեան

Իսթանպուլահայ լրագրող Փոլ Օսթերլունտ «Նէշընըլ Ժէոկրաֆիք» ամսագրի համար պատրաստած է ցանկը 10 ամենատպաւորիչ հնավայրերու, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ հողերուն վրայ եւ որոնք կը ներկայացնեն շրջանի բազմաշերտ պատմութիւնը՝ որպէս այցելութեան արժանի կարեւոր վայրեր։ Ցանկին մէջ տեղ գտած են նաեւ հայկական պատմամշակութային նշանակալից կոթողներ։

Այդ հնավայրերէն առաջինը Անիի աւերակներն են որոնք կը գտնուին Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վրայ։ Անին եղած է Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաքը, դարեր շարունակ հանդիսանալով հայկական քաղաքական, տնտեսական ու մշակութային կեդրոն։ Հոն կը գտնուի նաեւ Անիի Մայր Տաճարը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն շինարարութիւնը սկսած էր Հայոց Սմբատ Բ. Բագրատունի թագաւորը 989 թուականին, իսկ աւարտած՝ Կատրամիդէ թագուհին 1001-ին։

Անի, որ ծանօթ է «հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք» անունով, մինչեւ այսօր կը պահպանէ բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներու մնացորդացը։ Անոնց շարքին են Ս. Ամենափրկիչ, Տիգրան Հոնենցի եւ Աբուղամրենց Ս. Գրիգոր եկեղեցիները։ Անիի Մայր Տաճարը ներկայիս կը վերանորոգուի։

Ցանկին մէջ ընդգրկուած երկրորդ հայկական յուշարձանը Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցին է։ Տասներորդ դարուն կառուցուած այս ճարտարապետական գոհարը հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային կարեւոր խորհրդանիշներէն մէկն է։ 2010 թուականէն ի վեր, ամէն տարի Սեպտեմբերին հոն Սուրբ Պատարագ կը մատուցուի Խաչվերացի տօնին առիթով։

Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին այսօր կը շարունակէ մնալ աշխարհի զանազան երկիրներէ ժամանող հայ ուխտաւորներու սիրելի սրբավայրը։ Անիկա նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ Թուրքիոյ հայրենակիցներու եւ այլ քրիստոնեայ այցելուներուն մօտ։

Հայկական պատմութեան հետ առնչակից երրորդ հնավայրը Նեմրութ լեռն է, որ կը գտնուի Ատըեաման նահանգին մէջ։ Նեմրութ լերան 2.164 մեթր բարձրութեան վրայ, այս դամբարանաբլուր-սրբավայրը կառուցուած է հայկական Կոմմագենէի թագաւորութեան արքայ Անտիոքոս Ա. Երուանդունիի կողմէ։ Պատմական աղբիւրներու համաձայն, զինք թագադրած էր Տիգրան Մեծը, եւ այդ պատճառով ալ Նեմրութի յայտնի արձաններուն մէջ Անտիոքոսը պատկերուած է տիգրանեան թագով։

Ցանկին մէջ ընդգրկուած մնացեալ հնավայրերն են՝ Կէօպեքլիթեփէի հնագիտական համալիրը, Եփեսոսի հնավայրը, Կապադովկիոյ ժայռապատկերային բնաշխարհը, Իսթանպուլի Երէպաթան ջրամբարը եւ քաղաքի հին պարիսպները, Փամուքքալէի տաք ջրային աւազանները, ինչպէս նաեւ Տրապիզոնի Սիւմէլա վանքը։