Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնատար անձը կը մեղադրուի ծառայողական լիազօրութիւններու չարաշահմամբ զօրամասէն վառելանիւթի յափշտակութիւն կատարելու մէջ, յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Կոմիտէէն նաեւ յայտնած են, որ նախաքննութեամբ պարզուած է, որ յիշեալ պաշտօնատար անձը 2026-ին զօրամասի բանուոր-վարորդի հետ պայմանաւորուած է զօրամասի տարածքէն դուրս հանել վառելիքը՝ այն անձամբ տնօրինելու նպատակով։
«Զօրամասի աշխատակիցը, ընդունելով պաշտօնեայի առաջարկը, միջոցներ տրամադրելու եւ խոչընդոտներ վերացնելու եղանակով դիզվառելիքը հանել է զօրամասի տարածքից եւ օժանդակել այն յափշտակելու գործընթացում: Նշուած դիզելային վառելիքը տրանսպորտային միջոցից յայտնաբերուել է ՀՀ ՊՆ Ռազմական ոստիկանութեան Իջեւանի բաժնի աշխատակիցների կողմից։
Նշուած պաշտօնեային եւ նրան օժանդակած անձին մեղադրանքներ են ներկայացուել: Ներկայացուած մեղադրանքներում վերջիններս իրենց մեղաւոր են ճանաչել եւ տուել խոստովանական ցուցմունքներ։
Քրէական վարոյթով նախաքննութիւնն աւարտուել է, եւ վարոյթի նիւթերը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուել են հսկող դատախազին՝ այն հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ», յայտնած են Կոմիտէէն: