Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է Սէուտական Արաբիոյ հետ միջուկային ուժանիւթի արհեստագիտութիւններու համատեղ օգտագործման համաձայնագիրը, որ կրնայ թագաւորութեան ապահովել ուրանի հարստացման հնարաւորութիւններով։ Այս մասին կը հաղորդէ The Associated Press (AP) լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով երկու աղբիւր։
Աղբիւրներու համաձայն՝ գործարքը նախատեսուած է 30 տարուան համար եւ պիտի ներառէ ամերիկեան ընկերութիւններու մասնակցութիւնը ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն։
Գործակալութեան զրուցակիցները նշած են, որ համաձայնագիրը ճամբայ պիտի հարթէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ուրանի հարստացման կայանի ստեղծման՝ ԱՄՆ-ի եւ Սէուտական Արաբիոյ համատեղ ուսումնասիրութենէն ետք։
Աղբիւրներու համաձայն՝ համաձայնագիրը, ինչպէս կ՚ակնկալուի, հրապարակաւ պիտի յայտարարուի յուլիս 22-ին։
Սակայն համաձայնագիրը, որ տակաւին պիտի ներկայացուի Քոնկրեսի քննարկման, կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ օրէնսդիրներու շրջանակէն, որոնք մտավախութիւն ունին, որ աջակցելով սէուտցիներուն, որ իրականացնեն սեփական ուրանը հարստացնելու իրենց վաղեմի երազանքը, կրնան դուռ բանալ միջուկային տարածման եւ մրցակցութեան նոր փուլերու։
Աղբիւրներէն մէկուն համաձայն՝ համաձայնագիրը պիտի չներառէ Միջազգային Աթոմային Ուժանիւթի Գործակալութեան լրացուցիչ արձանագրութիւնը, որ թոյլ կու տայ աւելի լայն վերահսկողութիւն եւ ստուգումներ կատարել։
Սէուտական Արաբիան Միջազգային Աթոմային Ուժանիւթի Գործակալութեան անդամ պետութիւն է։