image
Հրատապ լուրեր:

Նարեկ Սրբազանի 35-ամեայ քահանայական ուղին՝ հաւատքի, նուիրումի եւ ծառայութեան լոյսով

Նարեկ Սրբազանի 35-ամեայ քահանայական ուղին՝ հաւատքի, նուիրումի եւ ծառայութեան լոյսով

Հոգեւորականի մը ծառայութեան տարիները պարզ ժամանակագրութիւն չեն։ Անոնք աղօթքով, զոհողութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ ժողովուրդին կողքին կանգնելու մշտական պատրաստակամութեամբ կերտուած ճանապարհ մըն են։ Այդպիսի բեղուն եւ նուիրական ուղի մը կը խորհրդանշէ Պրազիլիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 35-ամեակը։

Երեքուկէս տասնամեակներու ընթացքին Նարեկ Սրբազան իր ծառայութիւնը տարածած է տարբեր երկիրներու եւ համայնքներու մէջ՝ ամէնուրեք վառ պահելով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ լոյսը, զօրացնելով հաւատքը եւ իր հովուական հոգածութեամբ մօտենալով ժողովուրդին։ Այս յոբելեանը առիթ է ոչ միայն գնահատելու անցած ճանապարհը, այլեւ երախտագիտութեամբ արժեւորելու այն անսակարկ ծառայութիւնը, որ շարունակ կը մատուցուի Աստուծոյ, Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Գերշ. Տ. Նարեկ  եպս. Պէրպէրեանի Քահանայական Ձեռնադրութեան 35 -ամեակին առթիւ 

Այս տարի լրումին հասաւ Պրազիլիոյ   Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 35-ամեակը։

Երեսունհինգ տարիներ առաջ, Վարդավառի տօնին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Տաճարի սուրբ խորանին առջեւ Վազգէն սարկաւագ Պէրպէրեան, ծնրադիր եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Խաժակ արք. Պարսամեանի, ստացաւ քահանայական ձեռնադրութիւն՝ վերանուանուելով Տ. Նարեկ։

Այդ պահէն սկսեալ անոր կեանքը դարձաւ ծառայութեան երկար ճանապարհ մը՝ նուիրուած Աստուծոյ, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին։

Լիբանանէն մինչեւ   Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Երուսաղէմէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ ապա Պրազիլիա,  Գերշ. Տ. Նարեկ Սրբազան իր հոգեւոր առաքելութիւնը կատարեց հաւատքով, պատասխանատուութեամբ եւ եկեղեցանուէր աշխատանքով։ Ան ծառայեց տարբեր համայնքներու մէջ, զօրացուց եկեղեցական կեանքը, երիտասարդները մօտեցուց եկեղեցւոյ, քաջալերեց դպրաց դասերու, կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ թեմական կառոյցներու գործունէութիւնը։

 Սրբազան Հայրե 2013-ին  ստանձնեց Պրազիլիոյ  Հայոց թեմին ծառայելու առաքելութիւնը, իսկ 2014-ին ընտրուեցաւ Թեմի Առաջնորդ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օծուեցաւ եպիսկոպոս։

Իր ծառայութեան տարիներուն Նարեկ Սրբազան ապրեցաւ նաեւ անձնական ծանր կորուստներ, յատկապէս իր մօր՝ Տիրամայր Նուարդ Պէրպէրեանի մահը։ Սակայն ցաւին մէջ անգամ ան շարունակեց մնալ իր հօտին կողքին՝ գիտակցելով, որ եկեղեցականին կոչումը միայն ուրախ օրերուն ներկայ ըլլալը չէ, այլ նաեւ դժուարութիւններուն մէջ ժողովուրդին յոյս եւ ուժ փոխանցելը։

Քահանայական ձեռնադրութեան 35-ամեակը պարզ թուական մը չէ։ Ան երեքուկէս տասնամեակներու աղօթքի, զոհողութեան, հովուական հոգածութեան եւ անսակարկ ծառայութեան վկայութիւն մըն է։

Այս նշանակալից հանգրուանին առիթով ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանը՝ մաղթելով քաջառողջութիւն, անսպառ կորով, իմաստութիւն եւ երկարամեայ բեղուն ծառայութիւն՝ ի պայծառութիւն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն իրեն վստահուած հօտին։

Աստուած զօրացնէ Գերշ. Տ.  Նարեկ Սրբազանը եւ բազմապատկէ անոր ծառայութեան տարիները։