Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը յայտարարած է, որ Անգարան դէմ է ռուս-ուքրանական հակամարտութեան տարածման՝ Սեւ ծովու տարածաշրջան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։
Քիեւի մէջ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհայի հետ ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ֆիտան նշած է, որ Թուրքիա դէմ է Սեւ ծովուն մէջ նաւահանգիստներու, նաւթատար նաւերու եւ ձկնորսական նաւերու դէմ յարձակումներուն, ինչպէս նաեւ որեւէ գործողութեան, որ կը վտանգէ խաղաղ բնակչութեան կեանքը։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտած է, որ չափազանց նպատակայարմար կը համարէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցային գործընթացի շարունակութիւնը՝ Իսթանպուլի ձեւաչափով եւ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ։
Ֆիտանը նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիա համաձայնած է ստանձնել Սեւ ծովուն մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու ծովային բաղադրիչի ղեկավարութիւնը։ Անոր խօսքով՝ այս հարցին շուրջ արդէն իսկ փոխըմբռնում գոյացած է դաշնակիցներուն հետ։