Այս քայլը Վատիկանի կողմէ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ սերնդափոխութեան փորձ, բայց նաեւ՝ իբրեւ կեդրոնական վերահսկողութիւնը ամրապնդելու ազդակ։ Այդ պատճառով ալ սպասուող որոշումը կրնայ լայն արձագանգ ունենալ ոչ միայն եկեղեցական շրջանակներու, այլ նաեւ Լիբանանի քաղաքական միջավայրին մէջ։
Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք ՝
Լիբանանի լրատուական կարգ մը աղբիւրներու տեղեկութիւններով, եկեղեցական բարձր շրջանակներու մէջ կը շրջանառուին լուրեր, թէ Վատիկանի մէջ քննարկման առարկայ դարձած է նոր կանոնակարգ մը, որ պիտի սահմանէ գործող կարտինալներու եւ պատրիարքներու պաշտօնավարութեան առաւելագոյն տարիքը։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, առաջարկուող կարգադրութեամբ 80 տարեկանը կրնայ ընդունուիլ իբրեւ եկեղեցական պատասխանատուութեան շարունակման վերին սահման։ Կը նշուի նաեւ, որ այս որոշումը կրնայ տարածուիլ նոյնիսկ Սրբազան Քահանայապետին վրայ։
Նախատեսուող որոշումը, որ ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններուն կրնայ հրապարակուիլ առաջիկայ շաբաթներուն, ընդունուելու պարագային կրնայ յանգեցնել մարոնի պատրիարք կարտինալ Մար Պշարա Պութրոս Ռահիի եւ երեք եպիսկոպոսներու պաշտօններուն աւարտին՝ բանալով եկեղեցւոյ մէջ նոր նշանակումներու փուլ մը։
Այս վարկածը, եթէ հաստատուի, պարզ վարչական քայլ մը պիտի չըլլայ, այլ կրնայ դառնալ եկեղեցական իշխանութեան փոխանցման նոր հանգրուան։ 80 տարեկանի սահմանումը պիտի նշանակէ, որ երկար տարիներ պաշտօնավարած պատրիարքներ եւ կարտինալներ այլեւս պիտի չմնան իրենց դիրքերուն վրայ՝ անկախ իրենց ազդեցութենէն կամ պատմական դերակատարութենէն։
Մարոնի պատրիարք Պշարա Ռահիի պարագային հարցը յատուկ զգայուն է, որովհետեւ ան ոչ միայն հոգեւոր առաջնորդ է, այլ նաեւ Լիբանանի ներքաղաքական կեանքին մէջ լսելի ձայն ունեցող դէմք։ Անոր հեռացումը կրնայ նոր դասաւորումներու դուռ բանալ մարոնի եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քրիստոնէական դաշտին մէջ։
Այս քայլը Վատիկանի կողմէ կրնայ ընկալուիլ իբրեւ սերնդափոխութեան փորձ, բայց նաեւ՝ իբրեւ կեդրոնական վերահսկողութիւնը ամրապնդելու ազդակ։ Այդ պատճառով ալ սպասուող որոշումը կրնայ լայն արձագանգ ունենալ ոչ միայն եկեղեցական շրջանակներու, այլ նաեւ Լիբանանի քաղաքական միջավայրին մէջ։