Մեր ունեցած տուեալներով մեր հայրենակիցը, որ կը գտնուէր Գնալը կղզի նաւու մը վրայ գտնուած պահուն սայթաքած է եւ ոտքի հատուածին բեկում մը ունենալէ ետք բարեկամներու օգնութեամբ փոխադրուած է հիւանդանոց անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու նպատակով։
Պոլսահայ մեր հայրենակիցներէն Մինաս Մանուկ Մեծատուրեան արկածի ենթարկուելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց։
Մեր ունեցած տուեալներով մեր հայրենակիցը, որ կը գտնուէր Գնալը կղզի նաւու մը վրայ գտնուած պահուն սայթաքած է եւ ոտքի հատուածին բեկում մը ունենալէ ետք բարեկամներու օգնութեամբ փոխադրուած է հիւանդանոց անհրաժեշտ բուժումներ ստանալու նպատակով։
Իմացանք նաեւ, որ երէկ ան անցուցած է վիրաբուժական միջամտութիւն մը, որ պսակուած է յաջողութեամբ։
Ան ներկայիս կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ անհրաժեշտ խնամքն ու հոգածութիւնը ստանալու համար։
Քաջառողջութիւն կը մաղթենք «Արեւելք»ի սիրելի բարեկամին, յուսալով, որ ան շուտով կը վերադառնայ իր բնականոն հունին եւ եռանդին։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Մեծատուրեան կը սերի հանրայայտ բանաստեղծ Միսաք Մեծարենցի շառաւիղէն եւ ան իր անհատական զբաղուածութեան կողքին նուիրեալ կերպով կը գործէ Պոլսոյ համայնքին մէջ հանդիսանալով Պէօիւքտէրէի Սրբոց Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ։
Լիարժէք առողջութիւն կը մաղթենք Տիար Մինաս- Մանուկ Մեծատուրեանին։