image

Կամաւորական Ջոկատները Կը Սպասեն Հրամանի

Կամաւորական Ջոկատները Կը Սպասեն Հրամանի

Երկրապահ կամաւորական միութեան (ԵԿՄ) մամլոյ խօսնակ Վարդան Վարդանեանը փոխանցելով միութեան պաշտօնական դիրքորոշումը յայտարարծ է, որ միութիւնը հարիւր տոկոսով պատրաստ է կատարել իր պարտականութիւնները: Ան նաեւ նշած է, որ ԵԿՄ վարչութեան նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գերագոյն գլխաւոր հրամանատարներու եւ պաշտպանութեան նախարարներու հետ կը համագործակցի եւ կը ստանայ առաջադրանքներ: «Երկրապահը բանակի հիմնադիրն է, այսօր ալ բանակի պահեստազօրքն է, հայրենասիրական գաղափարախօսութեամբ ղեկավարուող կառոյց է», ըսած է Վարդան Վարդանեանը:

Միւս կողմէ, իր հերթին հայոց ազգային պաշտպանութեան հիմնադիր անդամ Արշակ Զաքարեանն ալ յայտնած է, որ կամաւորական ջոկատներ ձեւաւորուած են, որոնք կը սպսաեն առաջնագիծ մեկնելու հրահանգին: «Մենք պատրաստ ենք կատարել տարբեր յանձնարարութիւններ, հիմա կը սպասենք հրահանգի, որպէսզի մեկնինք: Մենք ինքնագլուխ պիտի չգործելնք, այլ՝ զինուած ուժերու հսկողութեան ներքոյ եւ պիտի կատարենք անոնց հրահանգները»,- աւելցուցած է Զաքարեանը:

 

Նիւթի աղբիւր՝ Lragir.am