image
Հրատապ լուրեր:

«Անյայտ կորսուած գերիներու հարցով ոչ մէկ յստակ պատասխան». Զինուորներու ծնողները պիտի սպասեն մինչեւ Ուրբաթ

«Անյայտ կորսուած գերիներու հարցով ոչ մէկ յստակ պատասխան». Զինուորներու ծնողները պիտի սպասեն մինչեւ Ուրբաթ

 

Անյայտ կորսուած զինծառայողներու ծնողները կրկին Պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց էին: Անոնց մէկ մասը հանդիպում ունեցած է ՊՆ-ի մէջ:
 Լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ծնողներէն մէկը յայտնած է. «Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ երկար զրոյց ունեցանք, մեր հարցերը, դժգոհութիւնները յայտնեցինք: Հինգ ծնողով բոլոր հարցերը չէինք կարող տալ, ներսից էլ յայտնեցին, որ ծնողները ցուցակագրուեն, մինչեւ հինգշաբթի, ուրբաթ խոստացել են, որ նորից կը հանդիպեն ծնողների հետ: Առաջին հերթին խօսել ենք գերիների հարցի մասին, յետոյ, թէ ինչ գործողութիւններ են իրականացւում, որ մենք վերջնակէտին հասնենք»:
 Ծնողը փոխանցած է, որ Վաղարշակ Յարութիւնեանը տարբեր երկիրներու դեսպաններու հետ կը հանդիպի, որպէսզի որոշ ճնշումներու տակ գերիներու վերադարձ իրականացուի: Իսկ անյայտ կորսուածներու մասով Յարութիւնեանը վստահեցուցած է, որ համապատասխան քայլեր կ'իրականացուին: «Որեւէ խնդրի դրական լուծում չեղաւ: Լիարժէք պատասխան չստացանք այս հանդիպումից, մենք ուզում ենք տեսնել, այլ ոչ թէ լսել»:
 Ծնողը ներկայացուցած է նաեւ, որ իրենց  ներկայութեամբ Վաղարշակ Յարութիւնեանի կողմէ Ռազմական ոստիկանութեան պետը հրաման ստացած է, որ անյապաղ սպաները հաւաքեն եւ օգնեն ծնողներուն:
 Նշենք, որ անցած շաբաթ վերջիններս կրկին ՊՆ-ի դիմաց կը պահանջէին Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ հանդիպում, սակայն այն տեղի չունեցաւ:
 Անյայտ կորսուած զինծառայողներու ծնողները տեւական ժամանակ է՝ բողոքի հաւաքներ կ'ընեն՝ պահանջելով օր առաջ զբաղուիլ իրենց երեխաները գտնելու ուղղութեամբ որոնողական աշխատանքներով: