image

Հռոմի Պապի Իրաք այցը, խաղաղութեան այց է. Մուսուլի եւ Իրպիլի մէջ հազարաւորներ կը սպասեն Պապի այցին

Հռոմի Պապի   Իրաք  այցը, խաղաղութեան  այց  է. Մուսուլի  եւ  Իրպիլի  մէջ հազարաւորներ կը սպասեն Պապի այցին

  Իրաքեան պատերազմէն   ետք առաջին անգամ ըլլալով Հռոմի Պապը  պիտի այցելէ  այդ  երկիր։

 

 Այս  մասին տեղեկութիւն ստացանք  «Ռատիօ Վատիկան»էն։

 

 Կը նշուի  նաեւ, որ Պապի   այցը ընթացք պիտի առնէ    յառաջիկայ   5 մարտին եւ տեւէ 3  օր։

 

 Ֆրանչիսքոս  Պապ  պիտի այցելէ  մայրաքաղաք՝  Պաղտատ եւ ապա  անցնի  Մուսուլ եւ Իրպիլ։

 

Կը նախատեսուի նաեւ, որ  կիրակի  օր   8 մարտին  Պապը հանդիսաւորապէս  բացօթեայ   Սուրբ Պատարագ  մուտցէ  Իտլիպի մէջ։

 Այս առթիւ  եւ մասնաւորապէս Իրպիլի  եւ Մուսուլի  մէջ    ընթացք առած են  ֆլէշմոպներ,  ու քաղաքացիներ  Պապի լուսանկարները  բռնելով   բարի  գալուստ կը  մաղթեն  Սրբազան Քահանայապետին։

 

 Շատեր   այցելեցին, ու շատեր   դեռ  պիտի  այցելեն     «նաւթի  դրախտ»  համարուող  Իրաք, ոչ  բոլորն  անշուշտ  շահադիտական  նպատակներ  ունին,  բայց եւ այնպէս  Հռոմի  Պապին  այցը, նախ եւ առաջ  խաղաղութեան  աւետիսի, եղբայրութեան եւ իրարօգնութեան այց պիտի  հանդիսանայ։