«Արցախի մէջ դրուած կերտած քանդակս անվախճանութեան խորհրդանիշն է». «Արեւելք»ին ըսաւ Ֆրանսահայ քանդակագործ Թորոս : Թորոս (Ռաստկէլէնեան) նաեւ նշեց, որ իր համար մեծագոյն երազ եղած է յատուկ Արցախին համար քանդակ մը կերտել: Ան նոյնպէս յիշեց, որ Ստեփանակերտի մէջ օրերս տեղադրուած իր «Յաւերժութիւն» անունը կրող քանդակը կը պատկանի նոյն խորագրով կերտուած քանդակներու շարքի մը, որոմցմէ կարմիր գոյն ունեցող քանդակը՝ տեղադրուած Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաքին մէջ դրուած է ի յիշատակ հայազգի բեմադրիչ Հանրի Վէրնոյին: «Մարսէյլի մէջ տեղադրուած քանդակս կարմիր գոյնով է մինչ Ղարաբաղին նուիրածս կապոյտ գոյն ունի եւ ան խորհրդանիշն է Ֆրանսայի եւ Ֆրնասացիներուն Արցախի հանդէպ ունեցած սիրոյն»: Յայտնի արուեստագէտը նաեւ ըսաւ, որ ինք շատերու նման Արցախի ու Ֆրանսայի միջեւ առկայ կապերու ամրապնդման համար մեծ աշխատանք կը տանի: Ֆրանսացիներու Ղարաբաղի հանդէպ ունեցած սիրոյն արմատներուն մասին տրուած հարցումին պատասխանելով Թորոս նշեց, որ « Ղարաբաղի հանդէպ Ֆրանսացիներուն սէրը կը բխի Ֆրանսա հաստատուած հայերուն հանդէպ ունեցած սէրէն, որովհետեւ մենք հայերս մեծ ներդրում ունինք այս երկրին մէջ» ըսաւ արուեստագէտը յաւելելով, որ վերջին շրջանին Պաքու մեծ ճիգեր կը գործադրէ Ղարաբաղի հարցը աղարտելու եւ Արցախցիներն ու հայութիւնը, որպէս զաւթիչ ներկայացնելու նշելով նաեւ, որ Պաքուի սադրանքները երեւելի են, ոչ միայն սահմանին վրայ այլ նաեւ Եւրոպական տարբեր ամպիոնններու առաջ: Թորոս յաւելեց, որ յատկապէս Ֆրանսահայութեան միահամուռ ճիգերուն շնորհիւ Ազրպէյճանի չարակամ մօտեցումները կը մատնուին ձախողութեան: «Ինծի համար Ղարաբաղը ազատութեան խորհրդանիշն է եւ ուրախ եմ որ ցայսօր որպէս երազ ներկայացած այդ սուրբ հողը արդէն իրականութիւն դարձաւ: Ես Թովմասի պէս եմ ու այսօր Ղարաբաղը տեսնելէ ետք իմ երազս իրականութիւն դարձաւ».Եզրակացուց Հալէպ ծնած բայց երկար տարիներէ ի վեր Փարիզ հաստատուած քանդակագործը:

