Անցնող օրերուն տագնապ մը ստեղծուած է լիբանանեան քրիստոնէական Փաղանգաւոր կուսակցութեան մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, նշելով, որ կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլի հօրեղբօրորդին Նատիմ Ժըմայէլ օրերս պատրաստած է բողոքարկում մը, որուն հիմամբ վերջինս կը դատապարտէ կուսակցութեան համագումարը կատարել յառաջիկայ Փետրուար ամսուան ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ յառաջիկայ փետրուարին տեղի ունենալիք համագումարը կը համարուի արտահերթ համագումար մը եւ այդ պատճառով է, որ Նատիմ Ժըմայէլ իր բողոքի ձայնը կը բարձրացնէ:
Լրատուական տարբեր աղբիւրներ նոյնպէս կը նշեն, որ մեծ բախում մը եղած է մէկ կողմէն Նատիմ Ժըմայէլի եւ միւս կողմէն կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլին միջեւ եւ վերջին շրջանին անոնց յարաբերութիւնը կը համարուի լարուած յարաբերութիւն մը:
Նշենք, որ վաղ 1940-ականներուն հիմնուած այս կուսացկութիւնը կը համարուի քրիստոնեայ լիպերալ կուսակցութիւն մը, որ Լիբանանի պատերազմի ընթացքին կարեւոր դեր ունեցած է քրիստոնէական հատուածները պաշտպանելու մէջ, սակայն մեծ սխալներ գործած ու յաճախ նաեւ անհանգստութիւն ու խռովութիւններ պատճառած է Լիբանանի հայկական շրջաններուն մէջ:
Ներկայ պահու դրութեամբ, կուսակցութիւնը բնականոն յարաբերութիւններ ունի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ: