Երեւանի՝ «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ, 23 Մայիսին կայացած է «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան երրորդ` արտահերթ համագումարը:
Համագումարի ընթացքին կուսակցապետ Էտմոն Մարուքեան հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան անդրադարձաւ երկրի օրակարգի հրատապ խնդիրներուն՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու Հայաստանի տարածքէն ներս ներխուժման վրայ։
Էտմոն Մարուքեան համագումարի ընթացքին բացատրեց, որ սա լաւ օրուայ հաւաք մը չէր։ Յամենայնդէպս, նկատի ունենալով սահմանային իրադարձութիւնները՝ ան չի բացառեր, որ 20 յունիսին նախատեսուած արտահերթ ընտրութիւնը ընդհանրապէս տեղի չունենայ։
Համագումարի ժամանակ նշուած է, որ իրավիճակէն դուրս գալու համար այլընտրանք կայ, որ՝ քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրը ստանձնէ պատասխանատուութիւն ապագայի համար, երթան ընտրատեղամասեր ու քուէարկեն ոչ թէ ընդդէմ ինչ-որ մարդոց կամ գաղափարներու, այլ` յանուն ատոր:
Կուսակցութիւնն առաջիկայ արտահերթ ընտրութիւններուն հանդէս պիտի գայ «Կա՛յ այլընտրանք, քուէարկիր» կարգախօսով: