image

Ի՞նչ կը կատարուի Ղազախստանի մէջ. Յարձակած են լիբանանցի երիտասարդներու վրայ

Ի՞նչ կը կատարուի Ղազախստանի  մէջ. Յարձակած  են  լիբանանցի   երիտասարդներու   վրայ

  Ծանր  դէպք մը գրանցուած է   Ղազախստանի  մէջ։    Մեծ  թիւով  ղազախ           աշխատաւորներ   յարձակում   գործած են Լիբանանցի      ճարտարապետներու  վրայ, որոնք  աշխատելու նպատակով    ամիսներէ  ի վեր    հաստատուած են  Ղազախստանի       գործարանային համալիրի մը մէջ։    Լիբանանեան    կայաններ  այս մասին   տեղեկութիւնը  տալով   նիւթին  կողքին  ներկայացուցած  են տեսանիւթ մը, ուր  յստակօրէն կ՚երեւի, թէ ինչպիսը ահագնութեամբ  ղազախները  կը հարուածեն     լիբանանցի երիտասրդներուն,  անոնց հրելով,   գետին  իյնացնելով եւ   զիրենք արիւնահոսութեան   մատնելով։

  Ղազախստանի   անվտանգութեան մարմիններ    դէպքէն  ժամեր անց  այլ ապահով  տեղ   փոխադրած  են զիրենք    եւ ներկայիս     կը սպասուի, որ յատուկ կարգադրութիւն մը  կատարելով    լիբանանցի եւ արաբ    երիտասարդները    իրենց   երկիրները փոխադրել։

 Դէպքին   մասին    տեսագրութիւնը տեսնել  ներքեւը։