Հայաստանի քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ 10 մարտին, Շիրակի մարզին մէջ տեղի ունեցած աւազակային յարձակման փորձի փաստով, տեղեկացուցած է Shamshyan.com–ը:
Այդ օրը՝ ժամը 21:00-ի սահմաններուն, Գիւմրի քաղաքի՝ Անի թաղամասի 3-րդ փողոցը, ելեկտրականութեան անջատում տեղի ունեցած է, եւ նոյն թաղամասի բնակիչ, 40-ամեայ Ռոման Ռոմանովը դուրս եկած է բակ, պարզելու, թէ երբ պիտի վերականգնուի ելեկտրականութեան մատակարարումը: Այնուհետեւ վերջինիս կինը՝ Սիրուշ Վ.-ն, ձայներ լսած է, եւ տունէն դուրս ելլելով նկատած է, որ ամուսինը գետին ինկած, դիմակաւորուած անյայտ անձի մը հետ կը քաշքշուի: Կինը սկսած է պղաւել, հարեւաններուն կանչել ու գոռալ, որ պիտի ահազանգէ ոստիկանութիւն, դիմակաւորուած անձը դանակով յարձակած է նաեւ իր վրան, որմէ ետք դիմած է փախուստի:
Դէպքին վայրը ժամանած ոստիկաններուն ամուսինները յայտնած են, որ իրենք ստացած են մարմնական վնասուածքներ:
Կայքի տեղեկութիւններով, տուժողներէն Ռ. Ռոմանով կը ծառայէ Գիւմրի տեղակայուած Ռուսաստանի Դաշնութեան 102-րդ ռազմակայանը: