Հոլանտայի խորհրդարանը 11 Յունիսին, գրեթէ միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Թուրքիոյ նախագահին կողմէ այս տարուան Ապրիլ 24ի իր յատարարութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը «պատերազմի զոհեր» որակելու արարքը, նոյն ժամանակ պարտաւորեցնելով Հոլանտայի կառավարութիւնը, որ այդ դիրքորոշման մասին տեղեկացնէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրելով՝ Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան կ՛ըսէ հետեւեալը. «Յատուկ շնորհակալութիւն՝ բանաձեւը նախաձեռնած քաղաքական տարբեր ուժեր ներկայացնող պատգամաւորներին եւ «Աբովեան» միութեան անդամներ Ինգէ Դրոստին եւ Մաթօ Հախվերդեանին՝ եռանդուն եւ արգասաբեր ջանքերի համար»:
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերացիայէն կւ յայտնեն, որ բանաձեւը ներկայացուցած էր Քրիստոնէական միութեան (CU) խմբակցութեան անդամ, պատգամաւոր Ճոել Ուորտեւինտը։
Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերացիան (FAON) շնորհակալութիւն յայտնած է պատգամաւորներուն այս յստակ եւ հետեւողական արտայայտութեան համար։
Խորհրդարանի բանաձեւը կը դիմէ կառավարութեան մերժել Էրտողանի խօսքերը եւ այդ տեսակէտը փոխանցել Թուրքիոյ կառավարութեան։ Այդ բանաձեւին կողմ քուէարկած են խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները բացի երեք հոգիէ բաղկացած Տենք խմբակցութենէն։
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24ին, Էրտողան նամակ յղած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին, որուն մէջ դարձեալ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն հայերը համարած է «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի զոհեր» ուրանալով Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը։
Էրտողան աւելի ուշ նաեւ յայտարարած էր, որ այդ ժամանակահատուածին շատ ուրիշներ զոհուած էին, ներառեալ անոնք, որոնք սպաննուած էին «հայկական հրոսակախումբերու եւ զինուած խմբաւորումներու» հրահրած անկարգութիւններուն իբրեւ հետեւանք: