Հայաշխարհի աւանդական կուսակցութեան՝ ՌԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդը (Նստավայրը՝ Պոսթըն) Հայաստանի վերջին զարգացումներուն մասին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Վարչապետի մեծարգոյ պաշտօնակատար
Պրն. Նիկոլ Փաշինեան,
Երեւան
Այսու կու գանք մեր անկերծ շնորհաւորութիւնները յայտնել Յունիսի 20-ի արտահերթ ընտրութեանց ընթացքին Ձեր եւ Ձեր գլխաւորած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան արձանագրած յաջողութեան առիթով:
Ձեր յաղթանակը կ՛արժեւորուի մանաւանդ Ձեր այն վեհանձն նախաձեռնութեամբ, որ կը փափաքիք ձեռք մեկնել բոլոր ոյժերուն:
Աղէտալի պատերազմի վաղորդայնին, Ձեր նոր իշխանութիւնը պիտի դիմագրաւէ բազմաթիւ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց յաղթահարման ի խնդիր ձեռք կը մեկնենք Ձեզի, իմաստութեամբ առաջնորդելու մեր հայրենիքը: Կը յուսանք, մանաւանդ, որ համայն ազգը բոլորուի Ձեր շուրջ:
Յաջողութեան մաղթանքներով`
ՌԱԿ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պոսթըն, Յունիս 25, 2021