image

Հրադադարը խախտուած է 30 անգամ

Հրադադարը խախտուած է 30 անգամ

Անցեալ գիշեր ղարաբաղեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային, այդ թուին՝ դիպուկահար զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 30 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 440 կրակոց:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կրակ վարած է «ԻՍՏԻԳԼԱԼ» տիպի դիպուկահար հրացաններէ՝ արձակելով 25 կրակոց: