image

Հրադադարը խախտուած է 100 անգամ

Հրադադարը խախտուած է 100 անգամ

Անցեալ գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը հրադադարը խախտած է 100 անգամ, որու ընթացքին տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2400 կրակոց: Այս մասին կը յայտնէ ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը, նշելով, որ հիւսիսարեւելեան (Եարըմճա) ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուժը կիրառած է նաեւ հաստոցաւոր նռնականետ (5 արկ):