image

ՀՀ նախագահը պաշտօնական այցով մեկնած է հարաւ-արեւելեան սահմանագօտի եւ Արցախ

ՀՀ նախագահը պաշտօնական այցով մեկնած է հարաւ-արեւելեան սահմանագօտի եւ Արցախ

ՀՀ Նախագահ, Զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցով մեկնած է Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան զօրամասերէն մէկը: Այդ մասին կը տեղեկացնէ նախագահին լրատուական ծառայութենէն։

Նախագահը ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարին եւ ՀՀ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան հրամկազմի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ զօրամասի մշտական տեղակայման վայրին մէջ ծանօթացած է զօրամասի մարտական պատրաստականութեան, լսած է հրամանատարութեան զեկոյցը, շփուած է զինուորներուն հետ, որմէ ետք շրջայց  կատարած է շահագործման յանձնուած նորակառոյց զինաւանին մէջ, ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած անոնց հետ: 

Նախագահ Սերժ Սարգսեան խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին աչքի ինկող շարք մը զինծառայողներ: Հանրապետութեան Նախագահն այնուհետեւ աշխատանքային այցով մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: