Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ քայլերու մասին Twitter–ի վրայ գրառում կատարած է։
Կարօ Փայլան գրած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսիայի ու ԱՄՆ–ի խորհրդարաններէն եւ պէտք է այն թեման դարձնենք այն երկրին, ուր որ այդ մեծ յանցանքը տեղի ունեցած է, այսինքն, Թուրքիոյ խորհրդարանին»։
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը 10 ապրիլին հրաման ստորագրած էր ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին։
Իսկ աւելի վաղ Իտալիոյ խորհրդարանը սկսած է նախաձեռնութիւն մը, որ կոչ կ'ընէ երկրի կառավարութեան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հարցին միջազգային հնչեղութիւն տալ։