image

Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկենք. Կարօ Փայլան

Հայոց Ցեղասպանութեան թեման Թուրքիոյ Խորհրդարանին մէջ պիտի քննարկենք. Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ քայլերու մասին Twitter–ի վրայ գրառում կատարած է։

Կարօ Փայլան գրած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսիայի ու ԱՄՆ–ի խորհրդարաններէն եւ պէտք է այն թեման դարձնենք այն երկրին, ուր որ այդ մեծ յանցանքը տեղի ունեցած է, այսինքն, Թուրքիոյ խորհրդարանին»։

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը 10 ապրիլին հրաման ստորագրած էր ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին։

Իսկ աւելի վաղ Իտալիոյ  խորհրդարանը սկսած է նախաձեռնութիւն մը, որ կոչ կ'ընէ երկրի կառավարութեան ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հարցին միջազգային հնչեղութիւն տալ։