ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներէն հաւատարմութիւն կ՚ուզէ: Սպիտակ տան մէջ Դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէի հետ հանդիպման ժամանակ Թրամփ հաւատարմութեան հարցը կապած է դաշնակիցներու պաշտպանական ծախսերու հետ:
Թրամփ նշած է, որ հիասթափուած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամները չեն միացած Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններուն:
«Մենք նոյնիսկ ատոր կարիքը չունէինք, բայց լաւ կ՚ելլար, եթէ անոնք ընէին այդ»,-ըսած է ԱՄՆ նախագահը: