Հայաստանն ունի մեծ ուժ՝ նոր մղում հաղորդելու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական ոլորտներու մէջ. քիչ առաջ լրագրողներու առջեւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպմանն ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Յոյս ունենք մեր յարաբերութիւնները զարգացնել նաեւ ռազմաարդիւնաբերութեան ոլորտում»,- ըսած է ան:
ՀՀ վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կ'այցելեն շատ ռուս զբօսաշրջիկներ, կարծիք յայտնելով, որ երեւի ռուսաստանցիներուն Հայաստանը շատ «դուր կու գայ»:
«Մենք շատ բարձր ենք գնահատում Ռուսաստանի չէզոք դիրքորոշումը հայաստանեան ներքաղաքական ճգնաժամի ժամանակ»,- ըսած է ան:
ՀՀ վարչապետը նաեւ շնորհաւորած է ՌԴ նախագահը անցած Յաղթանակի տօնի առթիւ եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ հետեւած են այդ առթիւ կազմակերպուած ռազմական շքերթին եւ հիացած եղած ռուսական ռազմաարդիւնաբերութեան ձեռքբերումներով:
ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը յաջողութիւն մաղթած է Նիկոլ Փաշինեանին՝ յոյս յայտնելով, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան նոյն կերպ, ինչպէս մինչ հիմա:
« Կ'ուզեմ յաջողութիւններ մաղթել Ձեզ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին, եւ յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները նոյնպիսի զարգացում պիտի ունենան, ինչպէս եղած է մինչ այժմ»,-ըսած է Փութինը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
ՌԴ նախագահն ընդգծած է, որ Ռուսաստանը «Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս տարածաշրջանի մէջ մերձաւոր գործընկեր եւ դաշնակից», -աւելցնելով, որ այդ մէկը կը վերաբերի ե՛ւ տնտեսական համագործակցութեան, ե՛ւ անվտանգութեան հարցերուն:
Փութինը յոյս յայտնած է, որ վերջին շրջանին ՌԴ-ի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ոլորտին մէջ գրանցուած «շատ լաւ արդիւնքները կը յաջողին ոչ միայն պահպանել, այլեւ բազմապատկել»:
«Մենք կը շարունակենք միասին աշխատիլ ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ՝ սկսած ՄԱԿ-էն, ուր մենք կ'աջակցինք միմեանց, աւարտած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններով»,- ըսած է ան:
Հանդիպումն այժմ կը շարունակուի փակ դռներու ետին: